2011-11-05 13:07:51

Փիլիպպեան կղզեխումբ։ Խաղաղութեան ի նպաստ քայլարշաւ <<Ասսիզիի ոգիով>>։
Զանազան կրօններու պատասխանատուները միասնաբար խաղաղութեան ի սպաս։


Անցեալ 29 հոկտեմբերին, ի տես՝ Մինտանաօ կղզիի մէջ խաղաղութեան սպառնացող վերջին եղելութիւններուն, մասնակցութեամբ`զանազան կրօններու պատասխանատուներուն, Տավաօ Սիթիի մէջ կազմակերպուեցաւ խաղաղութեան ի նպաստ քայլարշաւ մը , ներշնչուելով <<Ասսիզիի Ոգիէն>>։
Աւելի քան 200 կրօնապետեր` Պուտտայական, մահմետական, կաթողիկէ եւ բողոքական դաւանանքներու պատկանող, People’s Park էն մեկնելով՝ լրութեամբ միասնաբար քալեցին մինչեւ Տավաօ Սիթիի Աթոռանիստ Սան Բէտրօ եկեղեցին։
Կրօնապետերը կոչ ուղղեցին , կղզիի որեւէ դաւանանքի պատկանող բնակչութեան, միանալու այս օրուան խաղաղութեան աղօթքի։ Յատկանշականը այն է, յայտարարած են կրօնապետերը, որ մեր այս հաւաքը բանակցութիւններու արդիւնք մը չէ, այլ՝ պարզապէս մենք հոս եկանք հեռաւոր վայրերէ միասնաբար աղօթելու նոյն նպատակի համար որ է խաղաղութիւնը։
Այս առթիւ նշենք որ Տավաօ Սիթիի քաղաքապետարանը 29 հոկտեմբերը յայտարարած է ՜՜Խաղաղութեան ի խնդիր աղօթքի պաշտօնական օր՝՝ հրաւիրելով բոլորը համակեցութեան։
Նշենք որ վերջին շրջաններու բախումները, որոնք տեղի ունեցան Փիլիպպեան կղզեխումբի կառավարութեան եւ <<Միլֆ>> մահմետական ազատութեան ճակատի միջեւ, տասնեակ զոհեր պատճառեցին, ի մէջ այլոց նաեւ՝ տեղւոյն բնակիչներէն շատ սիրուած ու յարգուած միսիոնար՝ հայր ֆաուսթօ Թէնթորիօ որուն սպաննութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ 17 հոկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.